2015-05-14 14:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Մարզիչներու միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 14 -16 Մայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Մարզիչին դերը մարզիկներու կազմաւորումի ծիրէն ներս'' նիւթով գիտաժողով մը որ  կազմակերպուած է Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի` Եկեղեցի եւ Մարզանք բաժնի կողմէ։

Գիտաժողովին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղեց մասնակիցներուն որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտրուած եւ շօշափուած նիւթին համար,մատնանշելով թէ ''ամէնքս, կեանքին մէջ, կարիքը ունինք դաստիարակներու, հասուն մարդոց, իմաստուն եւ հաւասարակշիռ, որոնք մեզի կ՛օգնեն աճելու, ընտանիքի, ուսմունքի, աշխատանքի եւ հաւատքի մէջ։ Դաստիարակներ, գրեց միշտ Սրբազան Հայրը, որոնք մեզ կը քաջալերեն մեր առաջին քայլերը իրականացնելու համար ու մեզ կը խրախուսեն դժուար պահերու ընթացքին եւ մեզի կը յորդորեն վստահութիւն ունենալ մենք մեր վրայ ու մեզի մօտիկ բարեկամներուն վրայ... Լաւ Դաստիարակի մը ներկայութիւնը նախախնամական է յատկապէս պատանեկան շրջանին, երբ անձնականութիւնը զարգացումի մէջ է ու պէտք ունի օրինակելի տիպարներու։ Կեանքի այս նուրբ շրջանի ընթացքին մեծ է դերը մարզիչին որ յաճախ առիթը ունի շատ ժամանակ անցնելու երիտասարդներուն հետ, մեծ ազդեցութիւն ունենալով անոնց վարուելակերպին եւ անձնականութեան վրայ։

Որքան կարեւոր է առ այդ, գրեց ապա Սրբազան Հայրը,  որ դաստիարակ մը կամ կրթիչ մը ըլլայ օրինակ` ամբողջականութեան, հետեւողականութեան եւ արդար դատումի, անկողմնակալութեան ու նաեւ կեանքի ուրախութեան, համբերութեան, եւ սիրոյ եւ յարգանքի` բոլորին նկատմամբ ու յատկապէս անապահովներուն։  Եւ որքան կարեւոր է որ Ան ըլլայ հաւատարիմ իր հաւատքին։ Հաւատքը որ մեզ կ՛օգնէ մեր աչքերը սեւեռելու Աստուծոյ....ու մեզի կը հասկցնէ ամէն մարդու արժանապատուութիւնը, նոյնիսկ երբ նուազ ձիրքեր ունի։ 

Մարզիչը հետեւաբար կարող է ըլլալ վաւեր կազմաւորող մը երիտասարդներուն համար, ծնողաց, ուսուցիչներու, քահանաներու եւ կրօնուսոյցներու  կողքին։ Սակայն ամէն կազմաւորող իր կարգին ունենալու է լաւ եւ ուղղամիտ կազմաւորում։ Հարկ է կազմել կազմաւորողները, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, բաղձանք յայտնելով որ ''երիտասարդները, մարզական բոլոր մակարդակներու վրայ,­ կարենային իրենց մարզիչներուն մէջ տեսնել կեանքի եւ ապրուած հաւատքի իսկական վկաներ''։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, ­ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, որպէսզի գիտաժողովի աշխատանքները ըլլան պտղաբեր մարզանքի հովուական խնամակալութեան համար եւ որպէսզի քրիստոնէական սրբութիւնը զարգանայ այս միջավարին մէջ ուր բազմաթիւ երիտասարդ կեանքեր կրնան բարեփոխուիլ ու դառնալ Աւետարանի ուրախ վկայութիւն։

Խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար։ Ձեզ կ՛օրհնեմ - գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.